Մէյտան-ը

Համադրողներ Գրիգոր Տապանեան, Լարա Սուլուօղլու

3-28 Մարդ 2026

Բացում 3 Մարդ Երըքշաբթի 18։30

Արուեստագէտներ
Անէթ Սանտրա Աչըքկէօզ, Արեգ, Իմէլտա Գույումճու, Լարիսսա Արազ, Սեսիլ Պէաթրիս Գալայճեան, Շիրակ Շէշէթեան, Երազ Գորթուն

Համադրողներ
Գրիգոր Տապանեան, Լարա Սուլուօղլու

«Մէյտան»-ը Արեւմտահայերէնը կ’ընկալէ ոչ թէ որպէս անշարժ ժառանգութիւն կամ ներկայացուելիք ինքնութիւն մը, այլ՝ որպէս շարժուն, մասնատուող, ուրիշ լեզուներու ու լռութիւններու բախուելով իր գոյութիւնը շարունակող տարածք մը։

«Հանդիպում» Արեւմտահայերէնի Փառատօնի ծիրէն ներս տեղադրուած այս ցուցահանդէսը՝ լեզուն որպէս ժամադրավայր տեսնելէ աւելի, կը նկատէ որպէս հարթակ մը, ուր հանդիպումներն ու բաժանումները միահիւսուած են։ Հոս ձայները չեն միաձուլուիր. անոնք իրարու կը դպչին ու կը փոխեն իրենց ուղղութիւնը, կ’արձագանգեն, կը կտրուին կամ կը ցրուին։

«Մէյտան»-ը հաւաքատեղի մը չէ։ Անիկա վայր մըն է, ուր անձեր կը մտնեն, երբեմն կը կենան, սակայն տեղ մը չէ, որ կարելի է որպէս մնայուն վայր գործածել։ Առանց հաւաքական պատումի մը կցուելու պարտադրանքին, անիկա կը հաստատէ յարաբերութիւններ, որոնք երբեմն իրարու ձայնը կը խանգարեն, երբեմն ալ պարապութեան մէջ կախուած կը մնան։ Այս առումով, անիկա կը յայտնուի որպէս անցումային տարածք մը, ուր ուղղութիւնները կը դառնան անորոշ, իսկ ձայները՝ կը տարածուին իրար հետ կապ հաստատելով։

Ցուցահանդէսին մէջ մէկտեղուած եօթը ժամանակակից հայ արուեստագէտները մաս կը կազմեն այն քով քովի ըլլալու վիճակին, որ կը ստեղծէ պատմական եւ լեզուական նմանօրինակ անջրպետներու մէջ արտադրելը։ Կորսուած լեզուները, կէս մնացած փոխանցումները, ճնշուած կամ կերպարանափոխուած ձայները ոչ թէ գործերու ընդհանուր բնաբանն են, այլ՝ գոյութեան հասարակաց իրավիճակը։ Այս իրավիճակը կը սահմանուի ոչ թէ արտադրութիւններու իրարու շաղկապումով, այլ՝ անոնց միջեւ բացուող հեռաւորութիւններով ու իրարու քսուելներով։

Այս իմաստով, «Մէյտան»-ը ներկայացման վայր մը չէ. անիկա միջոց մըն է, ուր ձայնը, մարմինն ու յիշողութիւնը, փոխանակ եզակի պատումներ ստեղծելու, կը քսուին իրարու։ Իմաստը կը յայտնուի այդ միջոցներուն, արձագանգներուն եւ ընդհատումներուն մէջ։ «Մէյտան»-ը ցոյց կու տայ, թէ այդ արանքներուն մէջ ինչպէ՛ս կը փոխուին ու ինչպէ՛ս կը շարունակեն գոյատեւել ինքնութիւնը, լեզուն եւ արուեստը։

Sergi afişinde sanatçıların listesi ve el yazısını andıran soyut siyah beyaz bir çizim yer alıyor.